ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՕՐՈՒԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Վաղուան՝ 9 մայիսի Եւրոպայի օրուան ընդառաջ, երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Հալիճի համագումարներու կեդրոնին մէջ։
Վաղուան՝ 9 մայիսի Եւրոպայի օրուան ընդառաջ, երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Հալիճի համագումարներու կեդրոնին մէջ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ենթադրեալ ընտրութիւններուն համար երէկ համայնքին պաշտօնապէս ներկայացաւ առաջին թեկնածուական խումբը։ Թէեւ տակաւին Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային հիւանդանոցներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը պատկան իշխանութիւններուն կողմէ չէ հրապարակուած, սակայն, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կան խմորումներ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) երէկուան հերթական ժողովին ընթացքին ծաւալուած են խօսակցութիւններ, ըստ որոնց Անգարայէն քննիչներ վերջին շրջանին Պատրիարքարան այցելած են՝ շօշափելով Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ենթադրեալ ընտրութեան նիւթը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ արտայայտած է իր մօտեցումը։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հերթական ժողովը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Նիստը վարեց ԹՎՄ-ի ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլու՝ քանի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու կը բացակայէր ակամայ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը սաներ, որոնց ներկայութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց մեր երդիքին տակ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլիւքը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց նախկին պոլսահայ Պետրոս Զորլուն, որ այժմ կը բնակի Սիտնիի մէջ։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ բարձր տրամադրութեամբ նշեց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Տարեդարձի արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ «Ակադեմիա Տատեան» խորագրեալ հաւաքոյթի մը շրջանակներէն ներս։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Գումգաբուի ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին առթիւ։ Պէզճեանցի զանազան սերունդներէ սաներ երէկ առաւօտ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով վերյիշուեցան դպրոցի բարեյիշատակ հիմնադիրները, տնօրէնները, կրթական մշակները, սատարողներն ու բոլոր սաները։