ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՊՏՈՅՏ
Վերջին օրերու արձակուրդէն օգտուելով Ֆէրիգիւղէն խումբ մը պտոյտ մը իրականացուց դէպի Ենիգիւղ։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու թաղի համանուն երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը համատեղ ջանքերով կեանքի կոչեցին այս ծրագիրը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ խանդավառ պայմաններու ներքեւ։ Մանկապարտէզի երեք դասարաններու փոքրիկներն ալ մասնակցութիւն բերին յայտագրին եւ իրենց ելոյթներով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ, փոքրիկները ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց զանազան ելոյթներով։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Եռալեզու յայտագիր մը ունէր հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը արժանացան ծափահարութիւններու։
Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ այս տարի 18-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային մարմնամարզի աւանդական մրցոյթը, որ ձօնուած է լուսահոգի Վարսէն Օրունճաքճըէլի յիշատակին։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։
Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը երէկ համայնքային մամուլը իրազեկեց՝ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի վերաբերեալ իրադարձութիւններու շուրջ։ Ամրան եղանակի ընդառաջ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դարձեալ ուշադրութեան առարկայ է Կազդուրման կայանը, որ շարք մը խնդիրներու բերումով վերջին տարիներուն չի կրնար հիւրընկալել փոքրիկները։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր յայտնի ազգայիններէն Գրիգոր Տէօշէմէճեան Կալաթասարայի ընտանիքէն ներս մեծ պատիւներու կ՚արժանանայ։ Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Կալաթասարայ լիսէի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքը։
Իսլամական աշխարհի Քուրպանի տօնին առթիւ Թուրքիա արդէն մտած է արձակուրդի։ Չորսօրեայ պաշտօնական արձակուրդի պայմաններուն ներքեւ թրքահայ համայնքային կեանքն ալ կանգ առած է գրեթէ ամբողջութեամբ։
Էսաեան վարժարանի փոքրերու ճատրակի կազմը հանդիսացաւ Պէյօղլուի շրջանի երկրորդը։ Այսպէս, վերջին օրերուն Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած ճատրակի միջվարժարանային մրցաշարքի մը մասնակցեցաւ Էսաեանի խումբը, որու կազմին մէջ էին՝ Տանիէլ Ճամկէօզ, Միրանտա Աչըքպաշ, Արիս Եիւզպաշեան եւ Կուրուր Քուրուահմէտօղլու։