ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՇՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու փոխ-ատենապետ Շահինար Պոշնաքը։
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Ժպիտ Ալլահվերտեան վկայուած է Իսթանպուլի թեքնիք համալսարանի Ուսողութեան ճարտարագիտութեան բաժնէն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտներէն Առէն Թովմաս Գարթուն յաջողած է մուտք գործել Ռոպերթ քոլէճ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին, ամրան շրջանին նոր սերունդի ուղղեալ ծրագիրները կը շարունակուին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ցրուիչը, որ թերթերը ամէն օր կը հասցնէ Գարագիւղ, Գումգաբու, Սամաթիա, Պաքըրգիւղ եւ Եշիլգիւղ, անակնկալօրէն գործողութեան մը ենթարկուելու պարտաւորուած է։
Դերասանուհի, թատերական գործիչ Պերճուհի Պէրպէրեանի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım» գիրքին համար շաբաթավերջին շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան հանդիսապետեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, մատոյց Ս. Պատարագը եւ խօսեցաւ օրուան քարոզը։
Երէկ, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ համայնքային շրջանակներուն կողմէ ընկալուեցաւ թէ՛ ուշադրութեամբ եւ թէ յուզումնախառն զգացումներով։ Այսպէս, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան նոր ատենապետը դարձած է Արթին Քիլեճի։
Karagözyan Ermeni Yetimhanesi Vakfı’ndan Kamuoyuna Duyuru;
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնը։ Այս առթիւ յիշատակուեցան Թարգմանիչ վարդապետները՝ մանաւանդ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ու հայոց տառերու գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը։