ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ կազմակերպուած Ամանորի խանդավառ հանդէսը բնորոշեց Գումգաբուի ընտանիքի տարեմուտի տրամադրութիւնը։ Մինչ աշակերտները յաջող ելոյթներով ծափահարութիւններու արժանացան, հանդէսի յայտագիրը այնպէս մը պատրաստուած էր, որ Սուրբ Ծնունդի իմաստին ու խորհուրդին հաղորդ դարձան բոլորը։