Թրքահայ կեանք

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԳԱՐԱ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը վերջերս այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ներկայիս եւ մօտաւոր անցեալին դպրոցէն ներս ճատրակի աշխատանքներու մասնակիցներէն բաղկացեալ այս խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԿԱԼԱՆ

Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբը այս տարի գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացնէ զաւեշտ մը, որ կը կոչուի «Eyvah Yine Karıştı»։ Երկու արարներէ բաղկացեալ այս զաւեշտին հեղինակն է Քլոտ Մանյէ։

ԿԷՕՔՀԱՆ ԵԻՒՔՍԷԼ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլ այցելեց Շիշլի մարզակումբ։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Կէօքհան Եիւքսէլը, որ անմիջական զրոյցի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ իր ծրագիրներուն շուրջ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները 8 մարտի Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ հանդէս մը ներկայացուցին, ինչ որ առիթ դարձաւ խանդավառութեան։ Թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին տղաքը իրենց ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

ՆԱԶԱՐ ՇԻԿԱՀԵՐԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր ճարտարագէտներէն Նազար Շիկահեր վերջերս արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ «Elle Decoration» պարբերաթերթին կողմէ կազմակերպուած «EDIDA 2024»ի շրջանակներէն ներս Նազար Շիկահերին տրուած է մրցանակ մը։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսատեպեց Մեծ պահքի շրջանի Միջինքին։

ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հաղորդեց, որ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնը փոխուած է։ Այսպէս, դպրոցի նոր տնօրէնուհին է Մարալ Էօզտաղ, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին, որ ունեցաւ կարճ պաշտօնավարութեան շրջան մը։

ՆՈՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

«Արաս» հրատարակչութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ ստեղծուած է «Եսայեան» մշակոյթի եւ գրականութեան միութիւնը։ Նորաստեղծ միութիւնը հիմնուած է «Արաս»ի հովանոցին ներքեւ եւ պիտի գործէ հրատարակչութեան համալիրէն ներս։

ԱՐԱՄԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ վերջերս շրջայց մը կատարեցին դէպի Վոսփորի արեւելեան ափը։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները այցելեցին Գանտիլլիի աստղադիտարանը, որ կը գործէ Պողազիչի համալսարանի հովանաւորութեան ներքեւ։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐ

Պէյօղլուի ընտանիքը այս շաբաթավերջին նշեց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ լուսաւորիչներ» խորագրով համերգ մը, որ յատկանշական էր յոբելենական ծրագրի շրջանակէն ներս։

Էջեր