ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի վարժարանի Զ. դասարանի սաները, որոնց ուղեկցեցան ուսուցչուհի Ժանէթ Ներկիզ, ինչպէս նաեւ թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ Իսթանպուլին ձօնուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին հարիւր եւ աւելի տարիներու վաղեմութեամբ քաղաքիս լիսէները։ Անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը առիթ դարձաւ Կեդրոնականի երդիքին տակ բացառիկ ոգեւորութեան ստեղծման։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ուղեկից մասնագէտ Միւժտատ Աթաման նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցաւ աշակերտներու ծնողներուն հետ։ Հաճելի զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր թաղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։
Այսու մեր համայնքի անդամներուն կը յայտնենք, թէ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ տրուած մկրտութեան վկայագրերու հետ վերջերս յառաջացած հարցի մասին անհրաժեշտ քայլերն առնուած, պատկան իշխանութեանց հետ կապ հաստատուած ու հարցը լուծուած է։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ դպրոցի անմոռանալի ու բարեյիշատակ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանի յիշատակին ձօնուած աւանդական մարզական խաղերը, որոնք չորրորդն էին իրենց նմաններու շարքին
Գատըգիւղցիներու խումբ մը վերջերս այցելեց Յունաստանի Ալեքսանտրոփոլի քաղաքը։ Թաղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները բաղկացուցին այս խումբին կորիզը։
Պոլսահայութիւնը կորսնցուց վարպետ մը. Տիգրան Թոփալեանի ոսպնեակը դարձած էր յիշողութեան գործօն:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու՝ որպէս Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ղեկավար երէկ հիւրընկալեց հեռուստահաղորդավար Արամ Գուրանը, որ վերջերս ներգրաւուած է Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդի կազմին։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ողջունեցին Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը հոգեւոր մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ։