Թրքահայ կեանք

ՔՈՒՐՈՒՄԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Մուրատ Քուրումի երէկուան Գումգաբու այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ հիւրընկալուած քաղաքապետի թեկնածուն լուրջ յաւակնութիւնով կը պատրաստուի յառաջիկայ մարտի 31-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն։

ԱՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ՝ ՄՈՒՐԱՏ ՔՈՒՐՈՒՄ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Մուրատ Քուրում այս առաւօտ այցելեց Գումգաբու։ Մինչ յառաջիկայ մարտի 31-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ընդառաջ ընտրապայքարը կը խստանայ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ ընդունեց Մուրատ Քուրումը, որուն ընկերացան ԱՔ կուսակցութեան զանազան քաղաքապետներ եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔՆԵՐ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցան իրերայաջորդ երկու խրախճանքներ, որոնք բացառիկ ոգեւորութեան առիթ դարձան։ Այս խրախճանքները թէ՛ աշակերտներուն մօտ բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին եւ թէ Մեծ պահոց ընդառաջ առիթ դարձան, որպէսզի անոնք թարմացնեն իրենց գիտելիքները։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Türkiye Florasına Katkıda Bulunan Ermeni Botanikçiler» գիրքին շնորհանդէսը, որուն պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքը լոյս տեսած է «Փարոս» հրատարակչութենէն։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած Բարեկենդանի խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Թէ՛ դպրոցի դասարաններուն եւ թէ յարակից սանուց միութեան սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին տղաքը թէ՛ հաղորդ դարձան աւանդութիւններուն եւ թէ ապրեցան ուրախ պահեր։

«ՀԱՊԱ ԵԹԷ»Ի ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԷՆ ԳԱՅԻԱՆԷ ԿԱՒՐԻԼՕՖ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ հիւրընկալուեցաւ «Հապա եթէ»ի աշխատակազմէն Գայիանէ Կաւրիլօֆ, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր աշխատանք կը տանի դպրոցի սաներուն հետ։ «Հապա եթէ»ն առցանց հարթակ մըն է, ուր հայերէնի ուղղեալ գործունէութիւն կը ծաւալուի։

ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Գալֆաեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որով ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Հանդէսի ընթացքին տղաքը նախ հաղորդ դարձան Վարդանանց տօնի իմաստին, իսկ աւելի վերջ տօնախմբեցին Բարեկենդանը։

Էջեր