ՅԱՋՈՂ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Պոլսահայ սանուց միութիւններու համատեղ կարեւոր ծրագիրներէն գիտական մրցոյթը այս տարի եւս արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան սանուց միութեան հիւրընկալմամբ, երէկ երեկոյեան, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի աւարտականը։
Երէկ, Համաշխարհային օթիզմի օրուան առթիւ, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց նորաստեղծ «Յոյս» խմբակը, որու գործունէութիւնը հետամուտ է մեր համայնքի յատուկ խնամքի կարօտ անդամներու եւ անոնց ընտանիքներու կարիքներու դիմագրաւման։
Ս. Քառասուն Մանկանց տօնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ պոլսահայ եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Այսպէս նորաօծ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեան Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Մեծ պահոց Դատաւորի կիրակիի արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Թուրքիան արդէն մտած է արձակուրդի։
Յայտնի վիրահատ փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան նախընթաց օր ելոյթ մը ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ։ Երեկոյթը հոծ թիւով հետաքրքիրներու ուշադրութեան արժանացաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր համախմբուած էին զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքէն երկու երաժշտասէր գործիչներ՝ Հռիփսիմէ Քարափեքմէզն ու Լեռնա Սորկոսը։
Գարակէօզեան տան հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական գործունէութիւններու ծիրէն ներս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Այսպէս, ողբացեալ Արամ Նիկողոսեանի յիշատակին ձօնուած երկրորդ միջվարժարանային մրցաշարքը համախմբեց մեր համայնքէն հոծ թիւով նոր սերունդի ներկայացուցիչներ։