Թրքահայ կեանք

ԶԱՀՐԱՏ ՅՈԲԵԼԵԱՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Երեւանի քաղաքապետարանը կազմակերպած է դրամաշնորհի բաց մրցոյթ մը՝ ութ մշակութային գործիչներու յոբելեաններուն ձօնուած ծրագիրներու համար։ Քաղաքապետարանին կողմէ յայտարարուած մրցոյթին մէջ ընդգրկուած արուեստագէտներու շարքին է անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատը։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ հիմնարկի վարչութիւնը նոր անդամներով համալրուած է եւ այս առթիւ անոնք ծանօթացուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

ՍԷՎ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ատենապետ Սիմոն Արթուչի կողմէ գլխաւորուած ՍԷՎ-ի վարչութիւնը։ Սա հիմնարկի ներկայ վարչութեան անդրանիկ այցելութիւնն էր Պատրիարքարան։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը երէկ հերթական անգամ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան առարկայ դարձաւ։ Յատուկ առաքելութեամբ այս դպրոցին տարեկան հանգանակութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական յատկանշական ձեռնարկ մը, որ վառ տպաւորութիւն գործեց մասնակիցներուն վրայ։ «Մենք երգ ենք» նախագծի ամբողջին մէջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին երիտասարդ արուեստագէտներ դասական երաժշտութեան եւ շանի կատարումներով հանդէս եկան։

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԲԱԶԷ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան նախապէս ալ քանիցս այցելած է թէ՛ քաղաքս եւ թէ ընդհանրապէս Թուրքիան, ուր հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ամենայայտնի կոթողներուն վերաբերեալ կատարած է նկարահանումներ։

Էջեր