Թրքահայ կեանք

ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ

Մեներգչուհի Մարալ Այվազ երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Մարալ Այվազ հերթական անգամ համախմբեց իր համակիրներն ու հայ երգի սիրահարները, որոնք խանդավառ ապրումներ ունեցան։

ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ էին «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ շարք մը համակիրները։

Տ. ՆԵՐՍԵՀ ՎՐԴ. ԽԱԼԱԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան, որ այս օրերուն իր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին առթիւ քաղաքիս մէջ կը գտնուի, երէկ հիւրընկալուեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Էքրէմ Իմամօղլուն շնորհաւորեց՝ վերընտրութեան առթիւ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԸ

Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջը անցուց տօնական տրամադրութեամբ։ Էսաեանցիներու այս տարուան հաւաքը առիթ հանդիսացաւ արտասովոր ոգեւորութեան եւ բոլորը ականատես դարձան սերունդներու մեծ տողանցքի մը։

«ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ»ՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն նկարիչ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան վերջին շրջանին պոլսահայ գեղարուեստասէրներու համակրանքին առարկայ արուեստագէտ մը դարձած է։ Շաբաթավերջին իր հերթական ցուցահանդէսը բացուեցաւ քաղաքիս մէջ։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՃԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐԹ

Շիշլի մարզակումբի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ քայլերթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ

Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ վերամրապնդուեցաւ իր աւանդութիւններուն մէջ։ Առաւօտուն Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչներն ու զանազան սերունդներէ սաներ երախտագիտութեան այց մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան պատրիարքներու թաղամասը, ուր ոգեկոչուեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերը։

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ պանծացուց հայկական երգն ու երաժշտութիւնը։ Այսպէս, թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երգչախումբին հանդիսաւոր համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։

Էջեր