Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՅԱ ՔԱԼԱՅՃԸՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց յայտնի պղնձագործ Գարեգին Քայա Քալայճըն, որ Գումգաբու փութացած էր նուիրելու համար իր գիրքերը։ Ան համբաւ ձեռք բերած է իր վարպետութեամբ եւ այդ հիման վրայ հրատարակուած են երկու գիրքեր, որոնք իր արհեստն ու արուեստը խոշորացոյցի տակ կը բերեն։

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՃՌՈՒՈՂԻՒՆՆԵՐԸ

Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը երէկ երեկոյեան խանդավառ համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» սրահին մէջ։ Երեկոյթը ձօնուած էր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակի յոբելեանին։

ՇՈՒԷՏԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Շուէտի աւագ հիւպատոս Ճոհաննա Սթրէօմքուիստը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքիս Շուէտական հետազօտական կաճառի վարիչ Օլոֆ Հելլօ։

ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան աւանդական հաւաքը հերթական անգամ համախմբեց դպրոցի զանազան սերունդներէ սաները, որոնք թէ՛ զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը ապրեցան եւ թէ ականատեսը դարձան իրենց հասած հաստատութեան ներկայ վիճակին։

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հոգեգալուստի տօնին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կիզակէտին էին Պէյօղլուի արարողութիւնները։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը նշուեցաւ աւանդական շուքով։

«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ «ՔԻՒԼԹԻՒՐ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի «Քիւլթիւր» համալսարանի համալիրէն ներս։ Հարկ է նշել, որ այս տարի սոյն համալսարանին նախաձեռնութեամբ արդէն իններորդ անգամ կազմակերպուած է պարի փառատօն մը, որ գեղարուեստասէր շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ հիւրընկալելով Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն խումբ մը։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ գլխաւորուած էր «Հրանդ Տինք» դպրոցի խումբը, որուն բացի աշակերտներէն մաս կազմեցին նաեւ՝ ուսուցչուհիներ Գայիանէ Ռեւազեան, Անահիտ Կարապետեան եւ Լիլիթ Պօղոսեան։

ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ ՆԵՐԿԱՆ…

Յայտնի նկարիչ Գրիգոր Սահակօղլու ներկայիս կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսի մը, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Պէյօղլուի «Yapı Kredi» գեղարուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ «Ներկան նկարագրել» անուանեալ այս ծրագրին ան մասնակցութիւն կը բերէ երեք ստեղծագործութիւնով։

Էջեր