ԱՍՊԱՐԷԶՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ ասպարէզներու ծանօթացման ուղղեալ հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթը երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան «TED Atakent» քոլէճի հիւրընկալմամբ, Թուրքիոյ մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքին, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցան մեծ խանդավառութիւն:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Դպրոցի տղաքը վերջին քանի մը օրերուն, քանի մը փուլերով Բարեկենդանի ծրագիրը կեանքի կոչեցին՝ ընթացքին անդրադառնալով նաեւ Սրբոց Վարդանանց տօնին։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերջին երկու օրերուն արտասովոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն առթիւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Պատրիարքարան հրաւիրուած էին պոլսահայ կրթական համակարգի վարիչները։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրը, որուն հետ ածանցուած էր նաեւ 19 փետրուարի Գիրք նուիրելու օրը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները կը շարունակեն յարատեւ յաջողութիւններ արձանագրել մտախաղերու մէջ։ Պէզճեանցիները վերջերս մասնակցեցան «TED Atakent» քոլէճին մէջ կազմակերպուած մտախաղերու։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։