ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՊԱՀԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ
«Մեր հաւաքականութեան բոլոր գործերը մնացած են այնպիսի միաւորումներու, որոնք պաշտօնական կարգավիճակ չունին։ Պատրիարքարանը յաչս պետութեան թէ՛ կայ եւ թէ չկայ, նոյնն է ERVAB-ի պարագան։ Մենք թէեւ կրօնական համայնք մըն ենք, սակայն, ունինք նաեւ աշխարհիկ գործեր։ Պատասխանատուութիւն ըսուածը ուղիղ համեմատութեան մէջ է՝ իրաւասութեան եւ իրաւունքի հետ։ Մենք հետամուտ պէտք է ըլլանք ոգին չկորսնցնելու՝ մինչ մեր հաւաքական ունեցուածքը անսահմանափակ չէ»:
Նորին Ամենապատուութեան խօսքով՝ համայնքին կողմէ անդիմագրաւելի ուժեր կը ստեղծեն քաոս մը, ինչ որ շատ խոցելի կացութիւններու եւ բարդութիւններու ծնունդ կու տայ դժբախտաբար:
«Մենք կ՚ընթանանք Լոզանի ընդհանուր սկզբունքներով։ Պետական քաղաքականութիւնը մեզի կ՚ըսէ, որ ձեր բոլոր իրաւունքները պիտի տրուին, սակայն, մեզմէ մի՛ ուզէք մշտական, գրաւոր փաստաթուղթ մը։ Հանրապետական շրջանին փոքրամասնութիւններու համար որդեգրուած է ծրագիր մը, որ հետամուտ է այդ քիչը ա՛լ աւելի նուազեցնելու եւ սա արդէն յաջողութիւն կ՚արձանագրէ»:
«Ամէն մարդ կը տեսնէ իր տեսողութեան սահմանին համաձայն։ Ի՞նչ տեսլականի մասին է խօսքը։ Այս ժողովուրդը միշտ տոկացած է։
«Սրտիս, մտքիս եւ խղճիս եռեակին վրայ հակասութիւններ կ'ապրիմ՝ մեր համայնքի կրթական հարցերու լուծման շուրջ»։
«Պատրիարքի հեղինակութիւնը ո՛չ կ'աւելնայ, ո՛չ ալ կը պակսի։ Աթոռը համայնքի ամենաչքաւոր կառոյցն է։ Ի վերջոյ parayı veren düdüğü çalar կանոնը կը գործէ»։
Պատրիարքարանի երդիքին տակ արդէն ընթացքի մէջ է՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ սպասուած մամլոյ ասուլիսը։ Գումգաբուի մէջ օրակարգի վրայ են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ հարցերը, որոնց կապակցութեամբ խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Անցեալ շաբաթավերջին, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին այս նախաձեռնութեան մասին եւ վերջին օրերուն արդէն սա կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի արժէքաւոր խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը, որուն կ՚ընկերանար տնօրէն խորհուրդէն Ժիրայր Ագմերճան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերընտրուեցաւ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար։ Շաբաթավերջին, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան համագումարը, որու ընթացքին բոլոր պատգամաւորներու միաձայնութեամբ Էրտողան վերընտրուեցաւ կուսակցապետ։
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի երաժշտասէրներուն տեսակէտէ բացառիկ հաճոյք մըն էր՝ վայելել ամերիկահայ նշանաւոր ուտահար Արա Տինքճեանի ներկայութիւնը։ Շաբաթ երեկոյեան ան համերգով մը հանդէս եկաւ՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան առընթեր Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահի երդիքին տակ։