ԱՅՍ ԵՐԵԿՈՅ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Անցեալ շաբաթավերջին, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին այս նախաձեռնութեան մասին եւ վերջին օրերուն արդէն սա կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի արժէքաւոր խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը, որուն կ՚ընկերանար տնօրէն խորհուրդէն Ժիրայր Ագմերճան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերընտրուեցաւ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար։ Շաբաթավերջին, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան համագումարը, որու ընթացքին բոլոր պատգամաւորներու միաձայնութեամբ Էրտողան վերընտրուեցաւ կուսակցապետ։
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի երաժշտասէրներուն տեսակէտէ բացառիկ հաճոյք մըն էր՝ վայելել ամերիկահայ նշանաւոր ուտահար Արա Տինքճեանի ներկայութիւնը։ Շաբաթ երեկոյեան ան համերգով մը հանդէս եկաւ՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան առընթեր Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահի երդիքին տակ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս բարի յիշատակ թողած կրթական մշակ մըն է ողբացեալ Եավուզ Քըլըչէր, որ զանազան առիթներով կ՚ոգեկոչուի երանութեամբ։ Ան ո՛չ միայն համայնքային վարժարաններէ ներս նկարչութեան ուսուցիչ եղած է, այլեւ զանազան եկեղեցիներու սրբանկարներու խնամքով ալ զբաղած է։
«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու միաւորման «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը շարունակէ գեղարուեստասէրներու եւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ քահանայ ձեռնադրեց տիրացու Արի Էքինճեանը, որ վերանուանուեցաւ՝ Տ. Արսէն Քահանայ։ Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը այսպէսով համալրուեցաւ երիտասարդ ուժով մը, ինչ որ ողջունելի է հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, այս դպրաց դասու նախագահն է։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որ համախմբեց Պէշիկթաշի ընտանիքի զանազան սերունդներէ ներկայացուցիչները։