«ՎԱՐՊԵՏ ՁԵՌՔԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ»
«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբաւորումը այս օրերուն գեղարուեստասէրներուն ու հետաքրքիրներուն կը ներկայացնէ «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը»։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի խրախուսանքով կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թոփհանէի DEPO-ին մէջ։