ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Նոր տարին նոր յոյսերով կը լեցնէ մեր սրտերը: Բարի օրերու եւ յաջողութեան երազանքը կը տիրէ ամէնուրեք:
Նոր տարին դիմաւորելը պճնազարդ կաղանդի ծառերով, խրախճանքի սեղաններով եւ լուսաւորուած փողոցներով, սրահներով, զմայլելի արարողութիւններով ու գոյնզգոյն նուէրներով՝ արտայայտութիւնն է այս լաւատես ակնկալութեանց:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ
ՄԱՐԱԼ ԷՊԷՕՂԼՈՒ ՍԱԹԱՐ
Գատըգիւղի ընտանիքը Նոր տարին կը դիմաւորէ աւանդական ոգեւորութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի Կաղանդի հանդէսը այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ՝ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտով։
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը աւանդական խանդավառ հաւաքոյթով մը ողջունեց Ամանորը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեան ներքեւ, դպրոցի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքցիներու աւանդական Կաղանդի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ կը դիմաւորէ Նոր տարին։ Շիշլիցիներուն համար այս տարիները արտասովոր նշանակութիւն ունին, որովհետեւ ակումբը կ՚ընթանայ դէպի հիմնադրութեան 100-ամեակը։
Շաբաթ երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ տղաքը փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ արժանանալով բոլոր ունկնդիրներու ծափահարութիւններուն։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը Նոր տարին կը դիմաւորէ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մարալցիները շաբաթավերջին Ամանորի աւանդական խրախճանքին համար համախմբուեցան Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ։
Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ամանորի հանդէսը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Փոքրիկները մեծ յաջողութեամբ գործադրեցին հանդէսի յայտագիրը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։