ԳԱՐԹԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որ զուգադիպեցաւ Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի վեցերորդ օրուան։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առթիւ կը շարունակէ Գումգաբուի մէջ ընդունիլ շնորհաւորութեան այցելութիւններ։ Այս ծիրէն ներս երէկ Պատրիարքարան այցելեցին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններէ դէմքեր եւ այլ հիւրեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոլսոյ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները՝ որոնք Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ շնորհաւորութեան փութացած էին։
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը աւարտեց իր շփումները Պոլսոյ մէջ։ Ան վերջին օրերուն հովուական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան՝ Արքեպիսկոպոսարանի Պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառի իշխանական նշաններու տուչութեան եւ այդ պաշտօնին մէջ վերահաստատման արարողութեան առթիւ։
Թրքահայութիւնը Ս. Ծնունդի տաղաւարը նշեց մեծ ոգեւորութեամբ։ Մինչ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տօնական ուրախութիւն ստեղծուեցաւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ներկայ տարեմուտին աւանդութիւնները վերակենդանացան՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի պայմաններով։ Ս. Ծնունդի տաղաւարին առթիւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթ մը, որով տօնական բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած հանդէսը բացառիկ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Մանկապարտէզի հինգ դասարանները հանդէսի յայտագիրը այնպիսի ոգեւորութիւնով մը գործադրեցին, որ Պաքըրգիւղի ընտանիքի տօնական հրճուանքը բազմապատկուեցաւ։
Տակաւ կ՚արձագանգէ հրեշտակներու օրհներգը Բեթղեհէմի քարքարուտ հովիտներուն մէջ, բայց այս անգամ՝ երգակցութեամբը մանկանց Եկեղեցւոյ՝ սփռուած ողջ աշխարհի մէն մի անկիւն։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ