ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԳԻՏԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐՈՒՆ
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 20 հազար ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ տրամադրած է Մատենադարանին՝ զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման ուղղելու նպատակով:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 20 հազար ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ տրամադրած է Մատենադարանին՝ զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման ուղղելու նպատակով:
Յառաջիկայ Երկուշաբթի, Փետրուարի 5-ի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ 2018 թուականը հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի:
«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները յառաջ կը տարուին լեռնային հատուածներու ռմբակոծումով:
Ահաբեկիչները կ՚ենթարկուին անդիմադրելի հարուածներու:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները քննարկեց իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ: Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռեքս Թիլըրսընի հետ:

Արմէն Սարգսեան ծաւալուն հանդիպումներով կը ջանայ զգալ հասարակութեան բազկերակը:
ՀՀԿ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուն դարձեալ պիտի տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ այցելեց Սուրբ Յակոբ հիւանդանոց։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին քաղաքապետը, որուն կ՚ընկերանային քաղաքապետարանէն կարգ մը պաշտօնատարներ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի համաձայն, Ատրպէյճան կասկածի տակ կը դնէ իր իսկ վստահելիութիւնը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս մեծարանքի փայլուն հանդիսութիւն:
Երեւանի մէջ նշուեցաւ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանի 75-ամեայ յոբելեանը:
Նախագահ Էրտողան. «Մեր հերոս զինուորները դիւցազներգութիւն մը կը հեղինակեն Աֆրինի մէջ»:
Թուրք զինեալ ուժերը հակակշռի տակ առին ռազմավարական նշանակութեամբ Պուրսէա լեռը: «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրէն ներս ցարդ ոչնչացուեցաւ աւելի քան 557 ահաբեկիչ: Բանակը մարդասիրական օժանդակութիւն կ՚ընէ տեղացի ժողովուրդին:
Բանակի օրուան առթիւ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը:
Հայաստանի մէջ կառավարման նոր համակարգի անցումային շրջանը կը զուգորդուի բաղդատութիւններով: