ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
Սերկէյ Լաւրով եւ Անճելինօ Ալֆանօ Մոսկուայի մէջ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են համաձայնութեան հասնելու՝ Արցախի շփման գծին վրայ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւի բարձրացման եւ առաքելութեան գրասենեակի հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուն այցելեց Մայր Աթոռ:
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» լայնածաւալ գործողութիւնները։ Երէկ բանակը ոչնչացուց 14 թիրախներ։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը 20 հազար ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ տրամադրած է Մատենադարանին՝ զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման ուղղելու նպատակով:
Յառաջիկայ Երկուշաբթի, Փետրուարի 5-ի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ 2018 թուականը հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի:
«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները յառաջ կը տարուին լեռնային հատուածներու ռմբակոծումով:
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ այցելեց Սուրբ Յակոբ հիւանդանոց։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին քաղաքապետը, որուն կ՚ընկերանային քաղաքապետարանէն կարգ մը պաշտօնատարներ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամփոփեց անցեալ դիւանագիտական տարին: