ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ այս շրջանին դարձեալ թէժ իրադարձութիւններ կ՚ակնկալուին։ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կողմէ գլխաւորուած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժումը կը նախատեսէ աշնան սկիզբին վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը եւ թափ տալ իշխանափոխութեան ուղղեալ պայքարին։