ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ TUSAŞ-Ի ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՎՐԱՅ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. 5 ՆԱՀԱՏԱԿ
Երէկ, Անգարայի մէջ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը, որ ցնցեց ամբողջ Թուրքիան։ Այսպէս, ահաբեկչական յարձակում մը գործուեցաւ Թուրքիոյ օդագնացութեան եւ անջրպետի արդիւնաբերութեան ընկերութեան (TUSAŞ) վրայ։ Դժբախտաբար դէպքը խլեց 5 նահատակ, կայ նաեւ 22 վիրաւոր։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Անգարայի մէջ պատահած դէպքին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը որեւէ արդարացում չունի։
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան-Վլատիմիր Փութին հանդիպում. Ռուսաստան կը խրախուսէ Թուրքիոյ BRICS-ի անդամակցութիւնը:
Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամիպոնէն մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հաքան Ֆիտանի հետ տեսակցութեան շուրջ:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան նոր պաշտօնի մը կոչուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ իր պարագային կատարուած նշանակումը ուժի մէջ է անցեալ յուլիսի 1-էն ի վեր։
Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ, Փութինի տանտիրութեամբ կ՚ընթանայ BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովը:
Պայտըն նամակներ ուղարկեց Փաշինեանին եւ Ալիեւին. Քարփենթըր այցելեց Հայաստան եւ Ատրպէյճան:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Էմիրպէյով յայտնեց, որ իր երկիրը կը փափաքի խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել ո՛չ թէ Նիկոլ Փաշինեանի, այլ Հայաստանի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան հոգեւոր կեդրոնին գլուխը անցած է Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան՝ 2 հոկտեմբեր 2024 թուականի դրութեամբ։ Ան երկար տարիներէ ի վեր Պոլսոյ մէջ ծառայութիւն կը մատուցէ՝ արժանացած ըլլալով համատարած յարգանքի եւ համակրանքի։