ԲԱԶՄԱՈԼՈՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյա շաբաթավերջին այցելեց Երեւան։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը դէպի Հարաւային Կովկաս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը, որու առաջին փուլին շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուրկէ անցաւ Երեւան։