ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ…
Հայաշխարհի ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Վատիկանի վրայ:
Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը վաղը պիտի պատարագէ՝ ոգեկոչելով հայոց բիւրաւոր նահատակները - Արարողութենէն վերջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի վարդապետացման կարգը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։ Հեռուստահաղորդավար Շիրին Փայզընի հարցումներուն պատասխանելով՝ Էթիէն Մահչուպեան մեկնաբանութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ հայկական հարցին, նաեւ հայաշխարհի տեսանկիւնէն հետաքրքրական իրադարձութիւններու։
