ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԵՐԵԿՈՅԹ
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 85-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին յոբելենական համերգ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Մեծանուն վարպետը թէեւ պատուոյ օթեակէն հետեւեցաւ ձեռնարկին, սակայն լեփլեցուն դահլիճի արուեստասէրներուն իրեն նկատմամբ համակրանքն ու յարգանքը կը թեւածէր ամէնուրեք եւ ան արդար հպարտութեամբ հաղորդ դարձաւ այդ բոլորին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտ շաբաթավերջին այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած նոր իրավիճակին, ինչ որ պայմանաւորուած է Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ «Ֆ-16»ներու գործարքին նման կնճռոտ հարցերու յաղթահարումով։
Իպրահիմ Քալըն անցեալ շաբթուան Պաղտատի շփումներէն վերջ այցելութիւն մըն ալ տուաւ Էրպիլ:
Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կրթութեան ոլորտէն ներս այս շրջանին կը դիմէ շարք մը նոր քայլերու, որոնք հանրային կարծիքին մօտ կ՚ընկալուին լուրջ տարակուսանքով։ Այսպէս, դպրոցներու մէջ «Հայոց պատմութիւն» դասը կը վերածուի «Հայաստանի պատմութեան»։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Կը յուսամ՝ Ատրպէյճանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններէն վերջ բանակցային գործընթացը լիարժէք ծաւալ կը ստանայ»:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը՝ մեծարելու համար վարպետը:
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կարեւոր բանակցութիւններ՝ Իսթինիէի ապառանքի երդիքին տակ:
Հայաստան յառաջիկայ գարնան մէկ ամսով պիտի դառնայ Մարսի հետազօտական կեդրոնը։ Այս նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի Երեւանի եւ Վիեննայի համագործակցութեամբ։
Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան առանցքին վրայ հետզհետէ կը շեշտուին Արեւմուտքի դէմ տրամադրութիւնները: