ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ
Հանրապետութեան նախագահի եւ 28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան՝ ընտրողներու 86,28 տոկոսին մասնակցութեամբ:
Պատմական արդիւնք եւ յստակ պատկեր:
Քուէարկութեան երկրորդ փուլը անխուսափելի:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան-Քեմալ Քըլըչտարօղլու մրցակցութիւնը ստեղծեց նոր հաւասարակշռութիւններ: Խորհրդարանէն ներս ԱՔ կուսակցութեան գլխաւորած «Ճումհուր» դաշինքը ապահովեց մեծամասնութիւն: Թուրքիոյ մէջ ազգայնական տրամադրութիւնները վերելք արձանագրած են անհերքելիօրէն: Մինչեւ 28 մայիս քարոզարշաւը պիտի շարունակուի:
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ երէկուան բանակցութիւնները շուրջ չորս ժամ տեւեցին Եւրոմիութեան կեդրոնատեղիէն ներս:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ պէտք է փնտռել սպառազինութեան նոր մատակարարումներ, որովհետեւ հայկական կողմը առարկայականօրէն չի ստանար այն, ինչին համար վճարած է Ռուսաստանին։
Վաղը բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ վաղը Պրիւքսելի մէջ ժամադրուած են՝ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ:
Յայտնի լուսանկարիչ Ալպերթօ Մոտիանօ արդէն թեւակոխած է իր լուսանկարչական գործունէութեան 40-ամեակը։ Կը տեղեկանանք, որ յոբելենական շրջանին ան հրատարակած է «100 Yahudi Yüz» («100 հրեայ դէմք») խորագրեալ ալպոմ-գիրք մը, որու շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Գարագիւղի «Schneidertempel» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։
Շաբաթավերջին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ, երկու երկիրներու սահմանին վրայ իրադրութիւնը կը մնայ միշտ լարուած։ Այս առաւօտ, ժամը 10.00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերստին թիրախաւորեցին Հայաստանի սահմանամերձ Սոթքի դիրքերը։
Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ «Եւրոտեսիլ 2023» մրցոյթը։ Եզրափակիչ փուլին ընդառաջ, երկու կիսաեզրափակիչներ տեղի կ՚ունենան՝ նոյնպէս Լիվըրփուլի մէջ։
Այս կիրակի, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախատեսուած են բանակցութիւններ, որոնց ընդառաջ երկու երկիրներու սահմանին վրայ արձանագրուեցաւ նոր մագլցում եւ լարուածութիւնը վերստին թափ հաւաքեց։