15 ՅՈՒԼԻՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ ՄԸ՝ ՍԱՐԱՉՀԱՆԷԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
15 յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրուան առթիւ երէկ յիշատակութիւններ տեղի ունեցան բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Ձախող պետական հարուածի 6-րդ տարելիցին ոգեկոչուեցան նահատակները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ մեծ հանրահաւաքի մը, որ կազմակերպուած էր Սարաչհանէի հրապարակին վրայ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ Սարաչհանէի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքի ընթացքին:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնը տուաւ Աթոռի երիտասարդ միաբանին, որ արտասահմանի մէջ կը կատարելագործէ իր բարձրագոյն ուսումը:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը անփոփոխ ձեւով կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Ան յիշեցուց, որ համապատասխան բանակցութիւնները անցեալ յունուարի 24-ին սկսած էին Մոսկուայի մէջ, ռուսական կողմի միջնորդութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով երէկ երկրի զինեալ ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ նշանակուեցաւ զօրավար Էտուարտ Ասրեան։ Նշանակումը կատարուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկի հիման վրայ, հինգ տարուան ժամկէտով։
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ սկիզբ տրուած «Դիմադրութիւն» շարժման առաջնորդներէն է Իշխան Սաղաթէլեան, որ վերջերս Եւրոխորհրդարանէ ներս մասնակցած էր ժողովներու։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ տեսակցեցաւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան Երեւանի առաքելութեան ղեկավարը՝ դեսպան Անտրէա Վիքթորին։
Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը վերջերս յայտարարեց նոր կրթական ծրագրի մը սկիզբը։ «Տիպ ու տառ» կը կոչուի այս նոր նախագիծը։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուայ սկիզբին գործել սկսած է «Տիպ ու տառ» տառատպութեան արուեստանոցը, որու անունը ներշնչուած է պոլսահայ անմոռանալի բանասէր Թէոդիկի համանուն հատորէն ու ձօնուած՝ Թէոդիկի «Տիպ ու տառ»ի տպագրութեան 110-ամեակի յոբելեանին։
«Ապագայ հայկականը» նախաձեռնութիւնը սկիզբ առաւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած քննարկումով:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Մերձաւոր Արեւելք, որու առաջին փուլը կը հանդիսանայ Իսրայէլը։ Ան վերջին անգամ վեց տարի առաջ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահի հանգամանքով այցելած էր այդ երկիրը։ Թել Աւիւի «Պեն Կուրիոն» օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Իսրայէլի նախագահ Եիցաք Հերցոքի եւ վարչապետ Եաիր Լափիտի կողմէ։