ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ՋԱՆՔԵՐ
Թուրքիա-Իտալիա Միջկառավարական յանձնաժողովի գագաթնային բանակցութիւններ՝ Պեշթեփէի մէջ:
Էրտողան եւ Տրակի անդրադարձան համաշխարհային ուժանիւթի եւ պարէնի տագնապին: Անգարա հացահատիկի միջանցքին տեսակէտէ նուրբ կը համարէ յառաջիկայ երկու շաբաթը՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Սպանիա:
«Սուրբ Աննա ամառնային համերգաշար 2022»ը Երեւանի մէջ համախմբեց բազում երաժշտասէրները:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով՝ այսօր Երեւանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի։ Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Գրիգորեան եւ Շամխանի կը վարեն բանակցութիւններ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց, որպէսզի անյապաղ սկսի Ուքրայնայի վերականգնումը։ Իր խօսքով՝ այդ գործընթացը երկար պիտի տեւէ, ուստի պէտք է սկսիլ հիմա։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յարձակողներէն Սարգիս Ադամեան փոխանցուեցաւ Գերմանիոյ «Քէօլն» ակումբը։ Յայտնի մարզիկը վերջին շրջանին բաւական վերելք արձանագրած է եւ այս հիման վրայ այլեւս մաս պիտի կազմէ գերմանական այս նշանաւոր խումբին:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգարայէն պատգամ. «Թուրքիա կը ձգտի Հայաստանի հետ շինիչ երկխօսութիւնը տեւականացնել»:
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ երէկ փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրուեցաւ Երեւանի մէջ:
Հանրապետութեան նախագատ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներէն Լինտսի Կրեհեմը։ Այս վերջինը ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի ազդու անուններէն մին է եւ տեղական մամուլը գրած է, թէ անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Անգարա։