ԴԷՊԻ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈ՞ՒՄ
Ուքրայնայի տագնապը հետզհետէ կը սաստկանայ ու դաշտի վրայէն հասած լուրերը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնան։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ շաբաթավերջին հազարաւորներ տարհանուած են Տոնպասի շրջանէն, ուր պատահած են պայթումներ՝ Ուքրայնայի զինուորներու եւ Ռուսաստանի հովանաւորած անջատողականներու շփման գծին վրայ։