Լրահոս

ԱՆԳԱՐԱ ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Անգարայէն հերթական անգամ դրական յայտարարութիւններ հնչեցին՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարին շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա դրական վերաբերմունք ունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին շուրջ։

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳԱԳԱԹ

Նախագահներ Էրտողան եւ Փութին երէկ սպասուած անկիւնադարձային առանձնազրոյցը ունեցան Սոչիի մէջ:
Ռուս ղեկավարը ակնարկեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնի գործունէութեան:

ԵՐԳԻՉ ՀԱՅԿՕ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԶՈՀ ԴԱՐՁԱՒ

Հայկական երաժշտական աշխարհը երէկ կրեց ցաւալի կորուստ մը. ոչ եւս է սիրուած մեներգիչ Հայկօ, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին։ Երգիչ ու երգահան Հայկոյի առողջական վիճակի վատթարացման մասին վերջին օրերուն լուրեր կը հասնէին Երեւանէն, սակայն բոլորը հակուած էին իրենց յոյսը պահել։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՀԱԶԱՆԳ

«Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ներկայիս ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան յետընթացին մասին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը վերջին օրերուն իրերայաջորդ երկու անգամ Հայաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուի՝ երկրի օրէնսդրութեան մէջ նոր ընդգրկուած «Ծանր վիրաւորանք» յօդուածի գործադրութիւնը։

ՔՐԷԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Երեւանէն լուրեր կը հասնին հերթական աղմկայարոյց ձերբակալութիւններու հարցին շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ստեփան Գալստեան եւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հրաւիրուեցան Ազգային անվտանութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ)։

ՅՍՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ Թուրքիա-Հայաստան հաշտեցման, բայց, այս պահուն գործընթացի վերաբերեալ որեւէ յստակութիւն չկայ։

Էջեր