ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ
Ուքրայնայի տագնապի սաստկացման պայմաններուն ներքեւ Փութին եւ Մաքրոն բանակցութիւններ վարեցին Քրեմլինի պալատէն ներս:
Փարիզ մէկ կողմէ անմիջական կապի մէջ է Մոսկուայի հետ, իսկ միւս կողմէ իր դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները սերտօրէն կը համակարգէ թէ՛ Քիեւի եւ թէ Արեւմուտքի յառաջատարներուն՝ մանաւանդ Ուաշինկթընի հետ. «Երկխօսութիւնը կրնայ ապահովել Եւրոպայի անվտանգութիւնը»: