ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստան կ՚ընդգծէ ԱՄՆ-ի առանցքային դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ:
Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային գործընթացներու ընդհանուր արժեւորում:
Հայաստան կ՚ընդգծէ ԱՄՆ-ի առանցքային դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ:
Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային գործընթացներու ընդհանուր արժեւորում:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ այս շաբաթավերջին եւս լարուածութիւնը շարունակուեցաւ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակած են Վարդենիսի ուղղութեամբ։
Պաշտօնաթերթին մէջ ուշ երեկոյեան հրապարակուեցաւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը:
Մինչեւ տարեվերջ պէտք է վերանորոգուին վարչական կազմերը: Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յստակեցուցած է ընտրական համակարգին վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք նոր իրավիճակ ու նոր հաւասարակշռութիւններու ծնունդ կրնան տալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Գաւառի պարագային յարաբերաբար աւելի ճկուն կարգադրութիւններ կը նախատեսուին ընտրաշրջաններու սահմանման առումով:
Միակ բացառութիւնը դասուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, որու հոգաբարձութեան համար քուէարկութիւնը պիտի կատարուի տարի մը աւելի ուշ՝ մինչեւ 2023 թուականի վերջը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) յառաջիկայ համագումարը տեղի պիտի ունենայ այս աշնան։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան աղբիւրները Նիւ Եորքէն տեղեկացուցին, որ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի Երեւանի մէջ, 3-9 հոկտեմբերին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու նախագահները Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կը գտնուին՝ համաժողովի մը մասնակցելու համար։
2021-2022 մարզաշրջանի Թուրքիոյ ֆութսալի լիկի առաջատարը համատարած գնահատանքի առարկայ:
Մեր համայնքի մարզակումբը յառաջիկայ տարի երկիրը պիտի ներկայացնէ Եւրոպայի մէջ, ՈՒԷՖԱ-ի մրցաշարքին գծով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը, Երեւանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Լաւրովի համաձայն, այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ՝ կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան, Եւրոպայի մասնաճիւղերու ղեկավարութեան եւ այլ պատասխանատուներու ու հիւրերու մասնակցութեամբ Ժընեւի մէջ վերջերս կազմակերպուած խորհրդակցութեան արձագանգները կը շարունակուին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Իր ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 23-24 յունիսին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր ընդունեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները թողարկեցին Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումէն դրուագ մը։