ՔԱԼԸՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՄԻԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ»
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Թուրքիա բնականոնացման գործընթացէ մը կ՚անցնի Եգիպտոսի, Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ։ Իր խօսքով՝ անկարելի է արտաքին քաղաքակութիւնը կառավարել կռիւով եւ թշնամանքով։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աւարտեց դէպի Պաքու իր աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս առթիւ Ալիեւ նշեց, որ Պաքու կ՚ակնկալէ Մոսկուայի գործուն ջանքերը՝ Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան կայացման համար։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իրերայաջորդ այցելութիւններ տուաւ Թեհրան եւ Պաքու։ Ռուս նախարարը Թեհրանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Աւելի վերջ Լաւրով անցաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, նաեւ մէկտեղուեցաւ իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտը։ Բանակցութիւններէն վերջ նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին նշեցին, թէ երկու երկիրներու միջեւ կը սկսի նոր շրջան մը, որու բնորոշիչներէն մին պիտի ըլլայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերստին դեսպանի մակարդակին բարձրացումը։
Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Ես հայ եմ» խորագրեալ պարի ցուցադրութիւն մը։ Սա Prof-Art պարային աշխատանոցի 2021-2022 շրջանի եզրափակիչ ելոյթն էր։
Երեւանի «Տիանա Աբգար» զբօսայգիէն ներս տեղադրուեցաւ խորհրդանշական «Վարպետաց ժամացոյցը»։ «Հայաստանի վարպետ» մրցոյթի շրջանակէն ներս տեղադրուած է այս ժամացոյցը, որ ունի 2 մեթր բարձրութիւն։
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս այցելեց Յորդանան։ Ամմանի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին արծարծեց սփիւռքահայ իրականութիւններու, հայապահպանման եւ ազգային ամբողջական մշակոյթի մը կերտման գործընթացին վերաբերեալ նիւթեր։
ERVAB երէկ երեկոյեան կարեւոր ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ՝ գլխաւորութեամբ Պետրոս Շիրինօղլուի:
Համայնքային վարիչները մտադիր են առանց դատական դիմումներու հետեւիլ նոր կանոնադրութեան, սակայն որոշ բարելաւումներ ապահովելու նպատակով պիտի նախընտրեն պատկան մարմիններու հետ դրական երկխօսութեան ճանապարհը՝ ակնկալութիւններու վերաբերեալ յստակ հիմնաւորումներով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Սելմանը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախագահը պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց բարձրաստիճան հիւրը։