ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՀԱՐԹԱԿԻ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ Թուրքիա կը ծրագրէ հանդիպում մը կազմակերպել՝ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի շրջանակին մէջ։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւս ուշադրութեան առարկայ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ուքրայնայի տագնապը այս շրջանին պատճառ դարձած է, որ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ յառաջանայ աննախընթաց լարուածութիւն։
Նորին Ամենապատուութիւնը դրական կը համարէ հարեւան երկու երկիրներու գործակցութեան հեռանկարը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սկսած գործընթացի նպատակն է ամբողջական բնականոնացումը։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ սկսած կարգաւորման գործընթացին շուրջ նախարարը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս տարի կը ձեռնարկեն դէպի Նախիջեւան բնական կազի մատակարարման ուղղեալ գործնական աշխատանքներուն։ Երկու երկիրներու միջեւ համապատասխան յուշագիր մը ստորագրուած է 2020 թուականին։
Հայաստանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Վահան Թէքէեան» լրագրական տարեկան մրցանակները վերջերս յանձնուեցան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի ստորագրութեամբ երէկ Կէտիկփաշայէն թերթիս խմբագրութեան ուղարկուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որով տեղեկացուցած է, որ մեծ ոգեւորութեամբ յառաջ կը տարուի ծրագիր մը, որ կը վերաբերի Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ին։
Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման շուրջ անհամբեր սպասման մթնոլորտին մէջ արդէն հետզհետէ կը յստականան գործնական մանրամասնութիւնները, որոնց արձագանգ կը հանդիսանայ նաեւ տեղական մամուլը։