ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան համագումարը տեղի ունեցաւ «Էրեբունի փլազա»ի համալիրէն ներս:
Սաթիկ Սէյրանեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ: Նոր կանոնադրութիւնով կը նախատեսուի վերակազմակերպում:
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան համագումարը տեղի ունեցաւ «Էրեբունի փլազա»ի համալիրէն ներս:
Սաթիկ Սէյրանեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ: Նոր կանոնադրութիւնով կը նախատեսուի վերակազմակերպում:
«Բաւական է ապրիլ խաբկանքի մէջ, այն արհաւիրքը, որ եղած է, մեծ ինքնախաբէութեան հետեւանքն է»:
Թուրքիա-Հայաստան բանակցութիւններուն անդրադառնալով՝ Արարատ Միրզոյեան կոչ ուղղեց հեքիաթները մէկ կողմ դնել:
Մարդու իրաւանց հարցերը պէտք է աւելի բաց քննարկուին ԱՊՀ-ի շրջանակներէն ներս:
Լաւրով օրինակ մէջբերեց. «Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիներ եւ հակառակը՝ թէեւ շատ քիչ են»:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ գումարուեցաւ Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ:
Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպատակով շարժման անցուած հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս կարեւորուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգով Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ «Հայաստանի հետ մեր սկսած եւ Ատրպէյճանի կողմէ աջակցութիւն գտած կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի՝ վստահութեան բարձրացման ուղղեալ քայլերով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հաստատեց՝ երկրէն ներս նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւնները իրականացնելիք բարեփոխումներու խորհուրդի կազմն ու գործունէութեան կարգը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը կը գլխաւորէ Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան։
Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան արժանանալ՝ իր յաջողութիւններով եւ ձեռքբերումներով։ «Forbes»ի կողմէ Ռուսաստանի կալուածոց շուկայի յառաջատարներուն վերաբերեալ 2021 թուականի համար պատրաստուած ցուցակին մէջ ընդգրկուած է Սամուէլ Կարապետեանի անունը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւ շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի յստակեցման հարցով յանձնաժողովի ստեղծման նիւթին։
Դերասանուհի եւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Ֆ. Կիրիք յուղարկաւորուեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտով:
Քաղաքապետարանի առջեւ եւ CRR-ի մէջ տեղի ունեցած սգահանդէսներէն վերջ, աղօթք կատարուեցաւ Թէշվիքիյէի մզկիթի համալիրէն ներս, ուր ներկայ էին նաեւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրսոյ եւ Իսթանպուլի կուսակալ Երլիքայա:
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ողջունեց Քամփ Արմէնի վերակառուցման ծրագիրը:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կառոյցը պատրաստակամութիւն յայտնած է շինարարութեան աջակցելու ուղղութեամբ: