Լրահոս

ՓՈՒԹԻՆ-ՌԱԻՍԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Փութին նշեց, որ Ռուսաստան եւ Իրան շատ սերտօրէն կը համագործակցին միջազգային գետնի վրայ։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆ ՉՈՒՆԻ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ։ Ան այս ուղեւորութեան ձեռնարկած է՝ մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի ֆորումին։

ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ

Անթիլիասի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Լիբանանէ ներս քորոնաժահրի համավարակի թափի սաստկացման հետեւանքով յետաձգուած է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Արցախը հայոց պետականութեան ոլորտին մէջ» նիւթով գիտաժողովը, որ նախատեսուած էր յառաջիկայ ամիս։

ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ԿԱՐՕՏԸ

Տարիները թաւալգլոր կ՚անցնին ու նահատակ լրագրողի կերպարը տակաւ կը դառնայ առասպել՝ իր թողած աւանդի եւ պատգամի ժամանակներու մէջ բիւրեղացումով:
Հոգելոյս Հրանդ Տինք այսօր համատարած յարգանքով կը վերյիշուի՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան առջեւ իր դէմ գործուած աններելի ոճրագործութեան 15-րդ տխուր տարելիցին առթիւ:

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՄԷ-Ի ԹԱԳԱԺԱՌԱՆԳԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աւարտեց դէպի Ապու Տապի աշխատանքային այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) թագաժառանգ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի հետ։

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐԻՆՍ ԱՐԱԳ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԻԼ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ մնալ բոլոր երեսակներով։ Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ ակնկալուած զարգացումներու մթնոլորտին մէջ կը կատարուին իրերայաջորդ յայտարարութիւններ՝ մանաւանդ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումէն վերջ։

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍՕՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱԻՍԻՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու ղեկավարները կը քննարկեն Մոսկուա-Թեհրան համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու ամբողջ համալիրը՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական ոլորտէ ներս համատեղ նախագծերու իրականացումը։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԲԵՒԷ ՈՐԵՒԻՑԷ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ ՉԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԹՈՒՐՔԻՈՅ»

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացը այս օրերուն անմիջականօրէն կը բնորոշէ քաղաքական օրակարգը՝ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման լոյսին տակ։

Էջեր