ԴՐԱԿԱՆ ՈՒ ՇԻՆԻՉ
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ նոր փորձի մթնոլորտին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը: Մոսկուայի քննարկումները տեւեցին շուրջ մէկուկէս ժամ եւ երեք մայրաքաղաքներն ալ անմիջապէս արձագանգեցին այս ժամադրութեան:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու համար լիարժէք կարգաւորման առաջադրութեամբ բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմանի: Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի յաջորդ տեսակցութեան վայրն ու թուականը պիտի որոշուին դիւանագիտական միջոցներով, անոնք ուղիղ կապ պիտի ունենան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյթ մը, որ ձօնուած էր մօտաւոր անցեալին մահացած հրապարակագիր եւ իրաւաբան Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յիշատակին։ Լիբանանահայ Գրական շրջանակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու յայտագրի գործադրումը սկսաւ Անի Քեսթենեան-Պասեթի ողջոյնի խօսքով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած լուրջ տագնապին վերաբերեալ ահազանգը արձագանգ գտաւ նաեւ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ, որ անդունդի եզրին հասած թերթիս յարատեւման պայքարին զօրակցելու նպատակով ծաւալուն հարցազրոյց մը հրատարակեց մեր գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը եւ Ղազախիստանի իրադարձութիւնները։
«Իրականութեան մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը մտաւորական ժառանգականութեան վառ օրինակ մըն է եւ Թուրքիայէ ներս հայերու ներկայութեան խորհրդանիշ»:
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին հերթական անգամ հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Այս Ամանորին Սիպիլ հանդէս եկաւ «ARTI» հեռուստակայանէն։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ընդառաջ Միացեալ Նահանգներ սերտ կապ կը պահէ կողմերուն հետ: