ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ
Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճօղլուն, Գնալը կղզիի ջրային մարզակումբի վարչութեան նախագահ փրոֆ. Էմրէ Պուրչքինը եւ Գոց շուկայի յայտնի վարպետներէն Սիմոն Մանճըլըքը։
Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճօղլուն, Գնալը կղզիի ջրային մարզակումբի վարչութեան նախագահ փրոֆ. Էմրէ Պուրչքինը եւ Գոց շուկայի յայտնի վարպետներէն Սիմոն Մանճըլըքը։
Հայտարփաշայի կայարանի պատմական շէնքի վերանորոգութեան ծրագրի 90 տոկոսը արդէն աւարտած:
Կոթողային կառոյցի խորհրդանշական ժամացոյցն ալ վերատեղադրուած է՝ յիշեցնելով անցեալի «Իսթանպուլի դարպասը»:
«Մայր Հայաստան»ը գիշերները պիտի շողայ 2400 վաթ հզօրութեամբ չորս լուսարձակներու տակ:
Երեւանի քաղաքապետարանը նոր լետերով կ՚արդիականացնէ մայրաքաղաքի խորհրդանշական յուշարձանի սարքերը:
Հայկական մարզաշխարհին տեսակէտէ երէկ հակասութիւններու օր մըն էր։ Հայաստանի հաւաքականէն ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան արծաթէ մետայլ նուաճեց, Փարիզի Ողիմպիականներուն։ Բնականաբար, Ողիմպիական խաղերուն մէջ նուաճուած արծաթէ մետայլը լուրջ ձեռքբերում մըն է, սակայն, բոլորը Արթուր Ալեքսանեանէն աւելի լաւը կ՚ակնկալէին։
Պելժիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրիւքսէլի մէջ նախընթաց օր յարձակման ենթարկուեցան ՆԱԹՕ-ի մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ճաֆէր Հիւսէյինզատէն եւ կինը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը պատահած է օգոստոսի 5-ին, Պրիւքսէլի ժամով 15.00-ին, դեսպանի բնակարանին առջեւ, երբ ան արձակուրդի մէջ կը գտնուէր։
Հնդկաստան առաջին անգամ բազմազգ զօրավարժութիւններ կը հիւրընկալէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկրի Թամիլ-Նատու նահանգին մէջ նախընթաց օր սկսան ռազմաօդային ուժերու առաջին բազմազգ ռազմափորձերը, որոնց կը մասնակցին Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն եւ Սպանիայէն ռազմաօդանաւեր։
Մերձաւոր Արեւելքի լարուած համայնապատկերին վրայ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմիի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի միջեւ։ Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանի իրավիճակը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեքովի վերջին հարցազրոյցին արձագանգները կը շարունակուին։ Ան յայտնեց, որ Երեւան-Պաքու հաշտութեան համար անհրաժեշտ է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։
Անցեալ տարուան օգոստոսի սկիզբին բաղդատմամբ՝ այս տարի 17 սմ. աւելի բարձր է ջուրի մակարդակը:
Սեւանայ լիճի արագընթաց մակոյկները օգնութիւն կը փութացնեն լողորդներուն, որոնց թիւը բարձր է ամրան շրջանին:
Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի մասնակցութեամբ կը ծրագրուի կազմակերպել հանդիպում մը՝ առեւտրային երթուղիներու գործարկման վերաբերեալ։ «Սփութնիք Արմենիա»ն լոժիստիք ընկերութիւններէ սեփական աղբիւրներու հիման վրայ այս մասին ըրած է հաղորդումներ, որոնց արձագանգած է նաեւ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը։