Լրահոս

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանը հետզհետէ ուշադրութեան կ՚արժանանայ հայ իրականութենէն ներս: Ականաւոր լեզուաբան ու բառարանագիր Հրաչեայ Աճառեանի տարեդարձի օրը՝ մարտի 8-ին, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան այց մը տուաւ Հրաչեայ Աճառեանի շիրմին, որ կը գտնուի Երեւանի «Թոխմախ» քաղաքային գերեզմանատան մէջ:

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿՂԶԵԱՑ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՄԻՄՈԶԱ» ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Կղզեաց քաղաքապետարանը շաբաթավերջին կազմակերպեց «Միմոզա» փառատօնը, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Նկատի ունենալով, որ Իշխանաց կղզիները երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու խտացած շրջաններէն մին են՝ այս փառատօնը արժանացաւ նաեւ փոքրամասնական համայնքներու ուշադրութեան: 

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները՝ մտահոգութիւն յայտնելով իրավիճակի շարունակական սրման կապակցութեամբ։

ԱՆՄԱՀ ԼԵԶՈՒԱԲԱՆ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱԴՐԱՄ

Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրած է՝ անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին ձօնուած արծաթէ յուշադրամ մը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ՆՈՅՆԱՆՄԱՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԻՆ TRIPP-Ի ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի դժուարին պատմական ճակատագիրը յաղթահարելու համար շատ մեծ հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է։

Էջեր