«ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՄԸ
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս միջազգային կարեւոր ու եզակի նախաձեռնութիւն:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի զանազանութեան պահպանման ու զարգացման ուղղեալ պայմանագրի ընդունման 20-ամեայ յոբելեանը:
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս միջազգային կարեւոր ու եզակի նախաձեռնութիւն:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի զանազանութեան պահպանման ու զարգացման ուղղեալ պայմանագրի ընդունման 20-ամեայ յոբելեանը:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը այս շրջանին հանդէս կու գայ նոր նախաձեռնութիւնով մը, որով սկիզբ կ՚առնէ «Սփիւռքեան հեռանկարներ» վերլուծական հարթակը։
Տքթ. Անուշ Նագգաշեան բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացուց «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի գերազանց ելոյթով եւ ասմունքով:
Հայ Երուսաղէմէն ներս կազմակերպուած եզակի ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ անմոռանալի Ռուբէն Սեւակը՝ անգին ժառանգի վերյիշումով:
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Էրտողան եւ Փութին շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը։
Համաշխարհային դրամատունը մասնաւոր զեկոյց մը պատրաստեց Հայաստանի տնտեսութեան մասին:
Երեւանի մէջ շնորհանդէս. «Աւելի արդար շուկաներ յանուն աճի» խորագրեալ զեկոյցին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի՝ մրցակցութեան սահմանափակումներու կարգաւորման, գիւղատնտեսական արտադրանքի բարձրացման եւ արտածման ու ներածման հաւասարակշռման անհրաժեշտութեան վրայ: Ծառայութիւններու ոլորտը առանցքային:
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած փառաշուք ձեռնարկը խտացեալ ձեւով օրակարգի վրայ բերաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի բոլոր մարտահրաւէրները՝ գեղարուեստական իսկական խնջոյքի մը ձեւաչափին մէջ, երիտասարդներու յանձնառու եւ ծափահարելի մասնակցութեամբ:
էյօղլուի «Աթլաս» Շարժանկարի դահլիճը լեցուն էր ամբողջութեամբ: Երեկոյթը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին բազմաթիւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Համայնքային հինգ հաստատութիւններու՝ 1960-ականներէն վերջ ձեւաւորուած եւ վերջին ընտրութիւններու կանոնագրութեամբ գործնականապէս վերացած դրութիւնը վերյիշուեցաւ՝ պատմական առաքելութեան եւ բազմակողմանի գործունէութեան արժեւորմամբ: Հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին տքնաջան խմբային աշխատանքի փայլուն արդիւնքը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Երէկ, երկու նախագահները տեսակցեցան Եոհանեսպուրկի մէջ, ուր մասնակցեցան Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Հարաւային Ափրիկէի հիւրընկալմամբ։
Հայ մարմնամարզական աշխարհը կը սգայ ֆութպոլի անմոռանալի առասպելներէն Նիքիթա Սիմոնեանի կորուստը։ Ան 100 տարեկան հասակին հեռացաւ կեանքէն։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին քսան տարիներուն կարեւոր քայլեր առնուած են՝ փոքրամասնութեան հարցերու լուծման համար։
Երեւանի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ կը պահէ TRIPP նախագծի երեսակները։ Անգարա-Երեւան օրակարգի վրայ ալ սա առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ։