ՊԱՔՈՒ ՄԻՇՏ ԱՆԶԻՋՈՒՄ
Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ, բայց, կրնայ նաեւ մնալ միայն թուղթի վրայ։
Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ, բայց, կրնայ նաեւ մնալ միայն թուղթի վրայ։
Երէկուան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին էջին վրայ օրուան թուականը՝ ցաւալի եւ մասամբ դժուար բացատրելի թեքնիք վրիպումով մը գրուած էր սխալ, բոլորովին անկապակից օրուան մը վերագրելով հերթական համարը։
Հայաստան յաղթական դուրս եկաւ «Մանկական եւրոտեսիլ 2026» երգի միջազգային մրցոյթէն, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէն ներս։ Այսպէս, շաբաթավերջին Մալթայի մէջ տեղի ունեցաւ 2026 թուականի «Մանկական եւրոտեսիլ»ը։
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը:
Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ութ երկրի արտաքին գործոց նախարարներու կարեւոր հաւաք: Վոսփորի ափէն հնչեց խաղաղութեան ձայն միջազգային հարցերու համար: Անգարա կը խրախուսէ դիւանագիտական լուծումները:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր մասնակցեցաւ Իսթանպուլի համալսարանի «Իսթանպուլ» հիւանդանոցի Չափա եւ Էսէնեուրթ համալիրի բացման եւ հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութեան։
Ենիգիւղի Փանաիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, այս տարի արդէն չորրորդ անգամ կազմակերպուած է՝ հոգելոյս Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին կազմակերպուած լուսանկարչութեան միջազգային մրցոյթը։
Թուրքիա եւ Գանատա ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարեցին, որ ռազմավարական գործընկերութեան կը սկսին։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ երկու տարուան ընթացքին:
Նիկոլ Փաշինեան. «Երեւան Անգարայի եւ Պաքուի հետ կ՚աշխատի՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման նպատակով»:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով կը շրջէ ընթացող աշխարհաքաղաքականութեան կարեւոր մէկ ուղղութիւնը: Խօսքը, անշուշտ, վառելանիւթի ոլորտին մէջ ԱՄՆ-Ռուսաստան համաձայնութեան մասին է՝ հիմք ունենալով երկու երկիրներու ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցը: