Լրահոս

ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային քրէական ատեանի նախագահ Թոմոքօ Աքանէի հետ։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս։

ՄԱՆՐԱՄԱՍՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը՝ քանի յիշեալ հիմնադրամի ներկայացուցիչները մասնութիւն բերած էին քննարկումներուն։ 

ԻՍԿԱԿԱՆ ԽԱՌՆԱՇՓՈԹ

ԱՄՆ-ի եւ Իրանի զօրքերը հարուածներ փոխանակեցին Պարսից ծոցի մէջ, բայց, հրադադարը կը պահպանուի:
Ըստ WSJ-ի՝ Ուաշինկթըն կը ձգտի քսան տարուան դիտարկում մը հաստատել Թեհրանի կողմէ ուրանիումի հարստացման ծրագրի պարագային: Թրամփ Լուլա տա Սիլվան վստահեցուցած է, թէ մտադրութիւն չունի Քուպա ներխուժելու:

ԱԼԻԵՒ-ՄԵԼՈՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

«Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին մասնակցելէ վերջ, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի մեկնեցաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու երկիրներու ղեկավարները բանակցութիւններ վարեցին՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բազմաթիւ հարցերու շուրջ։

ՆՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Արարատ Միրզոյեան. «Հարեւաններու նկատմամբ Երեւանի մօտեցումներու ուղենիշն է՝ խաղաղութեան, համագործակցութեան եւ զարգացման յանձնառութիւնը»:
«Հայաստան դարձած է Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ փոխկապակցուածութեան հանգոյց եւ անկիւնադարձային դեր ունի Հարաւային Կովկասի հետ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններուն մէջ»:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ ԱՆՑԱԾ Է՝ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ԲԱՂԴԱՏՄԱՄԲ»

Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէ ներս երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: 

Էջեր