ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԱՇԽՈՅԺՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ ՅՈՎՀԱՆՆԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ֆրիտրիխ Նիցչէի «Ջրադաշտ»ին մէջ կան այսպիսի տողեր. «Ամենացածրաձայն արտասանած բառերը անոնք են, որոնք փոթորիկ կը յառաջացնեն։ Մտքերը, որոնք կը քայլեն աղաւնիի քայլերով, կ՚իշխեն աշխարհի վրայ»։ Սա այդպէս է։
Անգարա-Լոնտոն առանցքին վրայ պաշտպանական համագործակցութեան խորացման հեռանկարներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դէպի Թոքիօ այցելութեան շրջանակներէն ներս ընդունուեցաւ Ճաբոնի Նարուհիթօ կայսեր կողմէ։
Պալըքէսիրի Սընտըրկը գաւառակին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը՝ ռիխթերեան չափանիշով 6.1 սաստկութեամբ։ Ժամը 22.48-ին պատահեցաւ երկրաշարժը, որ զգալի դարձաւ Մարմարայի եւ Եգէականի շրջանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը այսօր իսկ պատրաստ է ապահովել բեռնատարներու տարանցումը Թուրքիայէն դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ՝ Մարգարա-Եղէգնաձոր-Սիսիան-Գորիս երթուղիով։
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Անդրանիկ Սիմոնեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Մամուքա Մտինարածէի հետ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովը, որ այցելեց Թեհրան։
Հայաստանէ ներս իշխանութեան կողմէ Եկեղեցւոյ թիրախաւորումը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ՝ գայթակղութեան համազօր նոր իրադարձութեամբ։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յովհաննավանքի մէջ մասնակցեցաւ՝ կարգալոյծ քահանայի մը կողմէ մատուցուած ապօրինի Ս. Պատարագի։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները քննարկեցին Մոսկուա-Պաքու օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը:
Յայտնի ու երախտաշատ երեք մտաւորականի կոչում շնորհուեցաւ մայրաքաղաքի աւագանիի որոշմամբ: