ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Համայնքային շրջանակները վերյիշեցին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը:
Աբիկ Հայրապետեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Համայնքային շրջանակները վերյիշեցին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը:
Աբիկ Հայրապետեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղպտի եկեղեցիներու առաջնորդներ վերջերս հանդիպում մը ունեցան Գերմանիոյ Վորպուրկ քաղաքի Ս. Յակոբ ասորի եկեղեցւոյ վանական համալիրէն ներս։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, նաեւ Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիներու սրբազան պատրիարքներու օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան չորեքշաբթի օր կը յայտարարէր Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ ընթացք առնելիք ռազմական գործողութեան մասին։
Յայտարարութենէն ժամ մը վերջ, Թուրք զինեալ ուժերը ծանր հարուածներ կը հասցնէին մասնաւորապէս Ռեսուլայնի եւ Թել Ապեատի մէջ տեղակայուած ահաբեկչական զօրամիաւորումներու կեդրոնատեղիներուն։
Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ազդարարեց. «Մեր նպատակն է արգելք հանդիսանալ՝ հարաւին ահաբեկչական պետութեան մը հիմնուելուն»։
Թել Ապեատի եւ Ռեսուլայնի միջեւ կապը խզուեցաւ: Բանակը ցարդ 200 թիրախ ոչնչացուցած է՝ մաքրագործելով զանազան գիւղեր։ Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջամտութիւնով ՄԱԿ-է ներս կանխուեցաւ Թուրքիոյ պախարակուիլը։
«Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնը կը նախատեսուի երեք փուլով, տարածքաշրջանի հակակշռի տակ առնուիլը առաջնահերթ։ Ցեղախումբերու եւ ահաբեկիչներու միջեւ կը ծագին բախումներ։
Türkiye Ermenileri Patriklik Makamı, barışın ve barış ortamında insanların mü-reffeh bir yaşam sürmelerinin önemini her zaman vurgulamıştır. Ortadoğu’da yakın coğrafyamızda, özellikle Suriye’de süregelen savaş ve kaos ortamı hepimizi derinden üzmekte ve endişelendirmektedir.
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան Արցախի հիմնախնդրին:
Մնացականեան եւ Լաւրով քննարկեցին Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն ներս Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Աշխապատ, ուր Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Աշխապատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հետ։
Երէկ, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ֆրանսահայ անուանի նկարիչ Ռիշար Ժերանեան։ «Նոր Յառաջ» ցաւով կը գուժէ բօթը՝ ընդգծելով, որ ֆրանսահայ անփոխարինելի դէմքերու տերեւաթափը կը շարունակուի։
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ յետմիջօրէին շարժման անցան Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի ստեղծելու եւ Եփրատի արեւելքը ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործելու համար։
Առաջին հերթին ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծումներ կատարեցին՝ 30 քիլօմեթր խորանալով սահմանէն ներս։ Գիշերուան ժամերուն ալ սկսաւ ցամաքէն յառաջխաղացումը։ ՆԱԹՕ օրինական կը համարէ՝ սեփական անվտանգութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջնական հրահանգը տուաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին. «Մեր նպատակը յայտնի է ու յստակ»։