ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԵՐԵՒՈՅԹ
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները բաց ասուլիսի մը մասնակցութիւն բերին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած յատուկ նիստը առիթ ընձեռեց, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ ներկայացնեն հակամարտութեան վերաբերեալ իրենց մօտեցումները: Միջազգային մասնագէտներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացած բանավէճին նախորդեց նաեւ մօտաւորապէս կէս ժամուան առանձնազրոյց մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին եւ Իտլիպի կացութեան։ Անգարայի ղեկավարութիւնը ներկայիս բոլոր հարթակներու վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ Իտլիպի պարագային ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Ուաշինկթընն ալ ընդհանուր առմամբ կ՚աջակցի թրքական կողմին։
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի ախոյենութիւնը։ Սա 25-րդ առաջնութիւնն էր, որուն մասնակցեցաւ 21 երկրի հաւաքական։ 8-րդ անգամ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որու մասնակից մարզիկներու թիւն էր 136։
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ քննարկում՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։
«Ապագայ» շաբաթաթերթի խմբագրականը. Բաժանել եկեղեցին կը պառակտէ Ուինզըրի համայնքը:
Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պերլինի մէջ տեսակցեցաւ Անկելա Մերքէլի հետ. վերջին շուրջ մէկուկէս տարուան ընթացքին արդէն երրորդ հանդիպումը երկու վարչապետներուն միջեւ:
Եգիպտոսի Հայոց թեմը ջերմօրէն հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի մտաւորականը:
Սուրիոյ պարագային կատարած խիստ ազդարարութիւններուն զուգահեռ՝ Էրտողան երէկ դարձեալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Գերմանիա։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին՝ Պերլինի մէջ այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։