ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՃԱԶԻ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Երեւանի մէջ նախընթաց օր ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Համաշխարհային ճազի օրը։ Մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ արտակարգ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս առթիւ։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Համաշխարհային ճազի օրը։ Մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ արտակարգ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս առթիւ։
Հայկական ճատրակի կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կրկին աշխարհի տասն լաւագոյն ճատրակ խաղացողներու շարքին մէջ դասուած է:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ՖԻՏԷ-ն հրապարակած է մայիս ամսուայ լաւագոյն հարիւր ճատրակ խաղացողներու ցուցակը, ուր Լեւոն Արոնեան տասներորդ դիրքը կը զբաղեցնէ:
Արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Արամ Աւագեանի հերթական մենամարտի օրը փոփոխութեան ենթարկուած է: Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Արամ Աւագեանի մենամարտը կը կայանայ նախատեսուածէն երկու օր վերջ՝ մայիսի 4-ին, Լաս Վեկասի T-Mobile Arena-ի մէջ:
Facebook ընկերային ցանցի մահացած օգտատէրերը յառաջիկայ յիսուն տարուան ընթացքին կրնան թուաքանակով գերազանցել ողջերը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը, կը հաղորդէ Համացանցի Օքսֆորտի կաճառի, որ մաս կը կազմէ Օքսֆորտի համալսարանին, գիտնականներու հրապարակած հաշուետուութեան մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան նահանգապետարանի մէջ ընդունուեցան Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի կողմէ:
Պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար պետութեան ներկայացուած պաշտօնական նամակի բովանդակութիւնը կ՚ենթադրէ ընթանալ ըստ աւանդական նախընթացներու:
Կրօնական ժողովի ատենապետը երէկուան այցէն վերջ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան. «Ընտրութեան գործընթացը պիտի սկսի պետութեան պատասխանին հիմքով»:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը 85-րդ գահակալով օժտելու ուղղեալ գործընթացը սկսաւ Կրօնական ժողովի նիստով. իրադարձութիւններուն կը սպասուի ուշադրութեամբ:
Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր յետմիջօրէին կ՚այցելեն Իսթանպուլի կուսակալութիւն, ուր պաշտօնապէս դիմում կը ներկայացնեն ընտրութեան համար:
Կրօնական ժողովը 29 ապրիլ 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ։
Ժողովս բացուեցաւ աղօթքով եւ աղօթելով ի հանգիստ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր հոգւոյն։
Եւրոասիական միջկառավարական խորհուրդի ժողովը այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աչքէ անցուցին առանց փողկապներու:
Հանրապետութեան նախագահը ամերիկացի պաշտօնակցին հետ խօսեցաւ՝ Անգարա-Ուաշինկթըն առկայ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Տանըլտ Թրամփին առաջարկեց աշխատանքային խումբ մը ստեղծել՝ Ս-400 ռուսական հրթիռներու վերաբերեալ խնդիրներու քննարկման համար: