ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՃԱՆՍԸՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պորիս Ճանսըն զրոյցի ընթացքին կանգ առին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով այլ խնդիրներու վրայ։