Հարթակ

ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՄՈՒԼՍԱՐԻ ՄԱՍԻՆ

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Անցեալ տարի այս օրերուն էր մօտաւորապէս, երբ ստիպուած եղայ սովորական յօդուածաշարքս ընդհատել եւ ընթերցողները իրազեկել Հայաստանի Ջերմուկ քաղաքի մօտ գտնուող Ամուլսար լերան շուրջ ընթացող զարգացումներուն մասին։
Տարիներ առաջ, դեռ նախորդ իշխանութիւններու օրօք, այդ լեռը փորել-քանդելու եւ տակը գտնուող ոսկին արտահանելու թոյլտուութիւն ստացած էր միջազգային ընկերութիւն մը՝ «Լիտիան Ինթըրնէյշընըլ» անունով։ 

Ո՞Վ Է ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԻՐԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութցիներու համար՝ մասնաւորապէս անցեալ վեց ամիսներուն հիմնական էին տնտեսական-ընկերային խնդիրները։ Ջուրի, ելեկտրականութեան, առողջապահական եւ նմանատիպ խնդիրներ կարծէք կը հալածէին Լիբանանի, մանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի բնակիչները։

ՓԱՐԻԶ ՊԷՅՐՈՒԹԻՆ Կ՚ԸՍԷ. «ԵՍ ՀՈՍ ԵՄ...»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բաւական արագ զարգացումներ կ՚արձանագրուին Պէյրութի մէջ։ Պայթումին հետեւանքները տակաւին չեն մաքրուած մայրաքաղաքի զանազան շրջաններէն, բայց եւ այնպէս, քաղաքական ընդհանուր պրիսմակին մէջ առկայ զարգացումները ցոյց կու տան, որ ցնցումի կողքին արտաքին որոշ ուժեր կ՚ուզեն անպայման ներգործօն դեր մը ունենալ Լիբանանի պարագային։ Ճիշդ էր՝ ի դէպ, որ Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապ մատնուած էր բաւական բարդ դրութեան մը, բայց ոչ ոք կ՚ակնկալէր անոր այսքան արագ հրաժարականը։

ԼԻԲԱՆԱՆ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽԱՌՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿ ԵՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութի լուրերը դարձեալ կիզակէտային են։ Պայթումի, մահուան եւ աւերակներու մէջէն իր գլուխը թեթեւ մը վեր բարձրացուցած մայրաքաղաքը անցեալ երկու օրերուն թատերաբեմը դարձաւ մեծ բախումներու։ Քաղաքացիներ հազարներով կը խուժէին մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջաններ, մուտք կը գործէին նախարարութեան շէնքեր եւ կը պահանջէին երկրի քաղաքական վերնախաւի բոլոր ներկայացուցիչներուն արագ հրաժարականը։

«ՔՈՎԻՏ-19» ԵՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՎԵՐ. ՏՔԹ. ՓՕԼ ՀԱՅ­ՏՕՍ­ԹԵԱՆ

Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական ծանրագոյն ճգնաժամը ծնունդ տուաւ այնպիսի ժողովրդային պոռթկումներու, ցոյցերու, քաղաքացիական անհնազանդութեան եւ հանրային անկարգութեան, որոնք առաջնորդեցին նախկին կառավարութեան տապալման եւ նորի մը կազմութեան: Գործազրկութեան, մեծաթիւ սնանկացումի պարագաներու եւ տակաւին անորոշ ապագայի ճնշումներէ մղուած զարգացան կենցաղային, ընկերային ու հոգեբանական հարցեր, որոնք ամիսներէ ի վեր կը շարունակեն մագլցիլ անվերահսկելի կերպով:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԵԾ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ ԿԱՄ ՄԵԾԱՊԷՍ ՎՆԱՍՈՒՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանը եւ նոյնիսկ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը ցնցած ահաւոր պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Երկիրը կը փորձէ կամաց-կամաց դուրս գալ իր վիրաւոր վիճակէն ու հաշուառել, կշռել, ի մի բերել առկայ վնասներուն ընդհանուր պատկերը։

Էջեր