ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԸ (1820-2020)
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Այս տարի, 2020-ին, հայ ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, արժանավայել շուքով եւ արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, քաղաքական-հասարակական ականաւոր գործիչներէն՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 200-ամեակը։ Հայ ժողովուրդին համար, քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ի վեր, հոգեւոր եւ ազգային փոքրաթիւ գործիչներ ունեցած է, որոնք իրենց հիասքանչ գործերով մեր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի լուսաշող աստղերը եղած են։