Հարթակ

ՆԿԱՐԻՉ ՍԱՄՈՒԷԼ ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆ. «ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՄԻՋՈՑ Է, ԻԲՐ ԱՅԴ ՈՒԶԵՑԻ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկար ժամանակ Միացեալ Նահանգներ ապրած ու ներկայիս Հայաստան վերադարձած հայաստանցի նկարիչ Սամուէլ Սաղաթելեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։
-Պրն. Սաղաթելեան, դուք երկար ժամանակ Միացեալ Նահանգներ բնակելէ ետք վերջերս վերադառնալով հաստատուած էք Հայաստան: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել ձեր այս վերադարձը:

ՆԵՐՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՄԱՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, եւ նախորդ յօդուածներուս մէջ ալ նշած էի, որ Պոլիս ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու եւ տեղւոյն աւանդական հայութեան միջեւ կան որոշ անհամաձայնութիւններ եւ փոխըմբռնումի պակաս, որոնք նոյնիսկ երբեմն վէճի կամ անվստահութեան կրնան հասնիլ։ Տուեալ երեւոյթի մէկ-երկու պատճառներն ու ակունքները ներկայացուցած էի նախորդ յօդուածներուս մէջ, օրինակ՝ «հայկական բարոյականութիւն» եւ Հայաստանի որպէս «Հայրենիք» ընկալման ու անոր հանդէպ հոգատար վերաբերմունքի ակնկալիք՝ պոլսաբնակ «նոր» հայերուն կողմէ։

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԵՒԼԵԹԵԱՆ. «ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ, ՍՓԻՒՌՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կիպրահայ մտաւորական, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած Ասատուր Տեւլեթեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։
-Յարգելի Պրն. Տեւլեթեան, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր սփիւռքի մէջ ապրող հասարակութեան զանազան խաւեր սկսան խօսիլ այն մասին, թէ բփիւռքն ու սփիւռքահայութիւնը իր դերով ու ներկայութեամբ սկսած է դառնալ ոչ այնքան կարեւոր:

ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՐՈՂԸ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակէն ներս, գրասեղանիդ վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր, առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար.

ԵԿՈՂ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՃԻՉԸ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կենսոլորտին ուղղուած սպառնալիքներուն քննարկման յատուկ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանը բացուեցաւ երեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, սակայն միջազգային մամուլի լուսարձակները առաւելաբար կեդրոնացան… Իրանի ուղղուած՝ նախագահ Թրամփի մեղադրական արտայայտութեանց, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի հակադարձութեան եւ եւրոպական միջնորդութեան մը հաւանականութիւններուն վրայ…

«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԴԵՐԸ ՄԱՐԴՍ ԴԷՊԻ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՆ Է»

Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցերուն կը պատասխանէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագ եպիսկոպոսներէն, երկար տարիներ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը հովուած եւ ներկայիս Վատիկանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

ԻՆՉՊԷՍ ՃՇԴԵԼ ԼԵԶՈՒԻ ՄԸ ՍԱՀՈՒՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒՄԸ

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Լաւ է, որ համաշխարհայնացման եւ միօրինակութեան այս ժամանակաշրջանին, երբ յատկապէս մարմաջ մը կայ համակարգիչի, համացանցի տարածուած լեզուն՝ անգլերէնը աւելի տիրապետող դարձնել, մարդիկ կը փորձեն քանի մը լեզուներ սորվիլ, իսկ տարբեր ազգեր մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն իրենց մայրենին պահպանելու: Բազմաթիւ ձեւեր կան՝ դասակարգելու անձի մը լեզուական հմտութիւնները, բայց սահունութեան հասկացողութիւնը դժուար է սահմանել:

Էջեր