Հոգե-մտաւոր

ՆՊԱՏԱԿԻ ՊԱԿԱՍ ՈՒՆԻՆՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ազգի խնդիրները լուծել փորձողները պարզապէս «դերասան»ներ են, որոնք ի ցոյց մարդկանց կը փորձեն որպէս «բան մը ընող» մը երեւիլ. զանոնք դերասան կը կոչենք, որովհետեւ անոնք եւս լաւապէս ունին այն գիտակցութիւնը, որ այդ փնտռուած լուծումը երկինքէն տեղացող մանանայ մը չէ եւ այդ լուծումը ձեռք բերելու համար մոգական հմտութիւններու կարիքը չկա՛յ.

ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ներանձնական հաւատքի հաշուեկշիռը պայմա՛ն է վերանորոգուելու հոգեւոր կեանքի մէջ։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, անձնական հաւատաքննութիւնը նախապայմա՛նն է վերանորոգեալ հոգեւոր կեանքի, քանի որ հաւատքը հիմը կը կազմէ քրիստոսանուէր կեանքի շէնքին։

ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը եւ կատարելութիւնը, բայց ան Արարչին ձեռքերէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Այս կը նշանակէ, որ տակաւին տիեզերքը եւ, անշուշտ, մարդկութիւնը կը շարունակէ բարեփոխուիլ եւ ուրեմն արարչագործը ընթացքի մէջ է։

ՆԱՄԱԿ՝ ԱՆԵՐՈՋՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մահը մեզի համար կը շարունակէ մնալ խորհրդաւոր ու անծանօթ զգացողութիւն մը, որուն համար բարոյականութեան առաջին փիլիսոփան՝ Սոկրատես իր գաղափարախօսութեան մէջ կ՚ըսէր. «Ո՛չ ոք գիտէ մահուան ժամը։ Իմաստուն է ան՝ որ խաղաղ սիրտով կը դիմաւորէ զայն». սակայն, այդ ժամի անգիտութիւնն է որ իր մէջ կը թաղէ շատ մը խօսքեր, շատ մը զգացումներ՝ որոնք կը մնան թաղուած ժամանակի անհրապոյր շիրիմին մէջ:

ՅԻՍՈՒՍԻ ՔԱՂՑՐ ԱՉՔԵՐԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Եկէք ինծի բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։
Ո՞վ կրնայ տալ մէկուն սրտի խաղաղութիւն, մտքի հանդարտութիւն, յաւիտենական ապահովութիւն, բայց եւ միայն Յիսուս։ 

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉՈՒՆԻ ԱՆՑԵԱԼԻ ՄԱՍԻՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Արեւելք» թերթը իր ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 1931-ի թիւին խմբագրականին մէջ կը գրէր հետեւեալ դժբախտ տողը. «Նոր սերունդը ցաւալի է ըսել, որ բաւարար ծանօթութիւններ չունի անցեալի մասին.

ԱՐՏԸ ԿԱՆԱՉ ՀՆՁԵԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տակաւին չեմ կրցած հասկնալ, որ հայ ժողովուրդը լաւապէս գիտակցելով կրթութեան կարեւորութիւնը, միշտ լուսանցքէ դուրս ձգած է ուսուցիչն ու վարժապետը, մտաւորականն ու հայ լեզուի մշակը:

Էջեր